2014-09-01 13:31:58

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի գործունէութիւնը` հանդիպում ''Խաղաղութեան ի սպաս ոտնագունդի միջկրօնական խաղի'' մարզիկներուն հետ։


Երկուշաբթի, 1 սեպտեմբեր, 2014-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց, Աւագ Դուքսուհի Լիւսսէմպուրկի` Մարիա Թերեզան, ապա ընդունեց Պոզնիա-Էրզիկովինա եւ Մոնթէնէկրօյի առաքելական նուիրակ` գերապայծառ Լուիճի Փեցցութօ որմէ ետք ունկնդրութիւն շնորհեց Քամերունի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի եպիսկոպոսներուն, որոնք 1 -6 սեպտեմբեր հռոմ կը ժամանեն իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնները կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։
Յետմիջօրէին, ժամը 16-ին, Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կ՛ընդունի ''խաղաղութեան ի սպաս, ոտնագունդի միջկրօնական խաղի'' մարզիկներն ու ձեռնարկի կազմակերպչական մարմինը:
Յայտնենք թէ այսօր երեկոյեան ժամը 8,30-ին, Հռոմի ''Օլիմփիքօ'' մարզադաշտին մէջ, տեղի կ՛ունենայ ''Խաղաղութեան ի սպաս ոտնագունդի խաղի միջկրօնական հանդիպում'' մը, նախաձեռնուած` ընդառաջելու Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի խնդրանքին, օգտագործելու մարզանքը ի սպաս խաղաղութեան։ Վերոյիշեալ ձեռնարկը կը դասուի Նորին Սրբութեան խաղաղութեան ի սպաս առաջարկած այլ ձեռնարկներու ծիրէն ներս, ինչպէս` Սուրիոյ խաղաղութեան համար աղօթքի հսկումը (7 սեպտեմբեր 2013-ին), Վատիկանի Պարտէզներուն մէջ Իսրայէլի եւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահներու ներկայութեամբ` Սուրբ Երկրի խաղաղութեան համար աղօթքը (8 յունիսի 2014-ին), Իրաքի հալածուած փոքրամասնութիւններուն համար հրատարակած կոչերն ու թուիթները եւայլն.....
Այս առթիւ, Քահանայապետական մշակոյթի խորհուրդը, 1- 3 սեպտեմբեր, Հռոմի մէջ կազմակերպած է միջազգային ուսումնաժողով մը, որուն բնաբանն է` ''Մարզանքը մարդուն ի սպաս է. Արդիւնքի մշակոյթէն դէպի հանդիպումի մշակոյթը''։ Ուսումնաժողովը առիթ պիտի հանդիսանայ խորհրդածելու եւ բանակցելու մարզական փորձառութեան` դաստիարակչական, մշկութային եւ հոգեւոր արժէքի մասին, մարզիչներուն առաջարկելով կազմաւորումի նոր ուղիներ։







All the contents on this site are copyrighted ©.